2013-09-04 12:12:07

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը` ''Թող Համայն Երկրի Վրայ Ուժգին Բարձրանայ Խաղաղութեան Աղաղակը''։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբերի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին վերանորոգեց ՝ աղօթքի եւ ծոմ պահելու անցեալ կիրակի ուղղած իր հրաւէրը։
Ան ըսաւ.
Յառաջիկայ շաբաթ օրը , միասնաբար պիտի ապրինք աղօթքի եւ ծոմապահութեան յատուկ օր մը Սուրիոյ , միջին արեւելքի եւ համայն աշհարի խաղաղութեան ի նպաստ։
Կը նորոգեմ հրաւէրս բոլոր Եկեղեցւոյ, խորապէս ապրելու համար այս յատուկ օրը եւ այժմէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ միւս քրիստոնեայ եղբայրակիցներուն, այլ կրօնի պատկանող եղբայրներուն եւ բարի կամք ունեցող այրերուն եւ կիներուն որոնք պիտի միանան տարբեր վայրերու մէջ եւ տարբեր ձեւերով ՝ այս յատուկ պահին։
Կը խրախուսեմ յատկապէս Հրովմէացի հաւատացեալներն ու ուխտաւորները մասնակցելու աղոթքի հսկումին, հոս Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ միասնաբար հայցելու Տիրոջմէ խաղաղութեան մեծ պարգեւը։ Թող համայն Երկրի վրայ ուժգին բարձրանայ խաղաղութեան աղաղակը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.